• Եկէք Անկեղծ Խօսինք #12 - Կարօ Փայլան
    Sep 27 2024

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը Կարօ Փայլանին հետ

    Վարժ ենք օտարները մեղադրել եւ վարժ ենք մանաւանդ զիրար մեղադրել։

    Այն խորհրդարանը, որուն անդամն էի, շատ աւելի տարբեր էր այսօրուան խորհրդարանէն:

    🇺🇸🇹🇷Ամերիկան չպատժեց Թուրքիան. ինչո՞ւ. պատճառները յստակ են։

    Խաղաղութի՞ւն, թէ՞ պատերազմ․․․

    Էրտողան միայն իր շահերուն մասին կը խորհի։

    🇹🇷🇷🇺Թուրքիան այսօր շատ սերտ յարաբերութիւններ ունի Ռուսիոյ հետ։

    🇹🇷🇺🇸Թուրքիան երբեք պիտի չպատժուի Ամերիկայի կողմէ։

    🇦🇲Բոլորս կըսենք հոն նայինք, Ամերիկա կամ Ռուսիա նայինք, իսկ ես կ՚ըսեմ՝ եկէք դէպի Երեւան նայինք։

    ⭕️Այս թեմաների մասին Սագօ Արեան «Անկեղծ զրոյց» մը ունեցած է քաղաքական գործիչ, Թուրքիոյ Խորհրդարանի նախկին անդամ՝ Կարօ Փայլանին հետ։

    Show more Show less
    32 mins
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #11 - Քլոտ-Արմէն Մութաֆեան
    Sep 20 2024

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը Քլոտ-Արմէն Մութաֆեանին հետ

    🇦🇲Հայաստանի մէջ Կիլիկիոյ պատմութիւնը ներկայացնող շատ քիչ իրեր կան։

    🇹🇷🇦🇿Թուրքիան, որոշ չափով կը յարգէ հայերուն, բայց Ատրպէյճան այդպէս չէ։

    Մեծ փաստ մը տամ այդ առումով, ու յիշեցնեմ, որ օրինակի համար Թուրքիան թոյլ տուաւ, որ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին վերանորոգենք։

    Բոլորս կը հաւատանք բամբասանքներու։

    🇦🇲🇷🇺🇺🇦Հիմա Հայաստանը խոցելի է, որովհետեւ աշխարհը զբաղած է Ուքրանիոյ խնդիրներով

    🇫🇷Ֆրանսայի իշխանութիւններն ու ժողովուրդը հայամէտ են։

    ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է Ֆրանսահայ պատմաբան եւ հայագէտ Քլոտ-Արմէն Մութաֆեանին հետ։

    Show more Show less
    33 mins
  • Եկէք Անկեղծ Խօսինք #10 - Հրայր Տաղլեան
    Sep 14 2024

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը Հրայր Տաղլեանին հետ

    🇦🇲Մեր ներկան, աւելի լաւ է, քան մեր գալիք ապագան։

    📝Դուն քեզի գրող ընելու չես, դիմացինդ քեզ որպէս գրող պէտք է ընդունի։

    Գրող, չգրող եւ կամ ալ մրոտող

    Մեր թերթերը լոյսը կը տեսնեն, թէ «մութը կը տեսնեն»։

    Այսօր եթէ նոյնիսկ նոր Պարոյր Սեւակ մը ծնի, ընթերցող պիտի չունենայ։

    Սփիւռքի մէջ մանաւանդ կիրակի օրերը եկեղեցի երթալը ինքնութեան հետ կապ ունի։

    Ի վերջոյ ինչ գայթակղութիւն ստեղծեց- երբ «Ծիծիկներ» խորագրով յօդուած մը գրուեցաւ։

    ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է յօդուածագիր եւ հրապարակախօս՝ Հրայր Տաղլեանին հետ։

    Show more Show less
    39 mins
  • Եկէք անկեղծ խօսինք #9 - Անդրանիկ Տագէսեան
    Sep 6 2024

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ը՝ Անդրանիկ Տագէսեանին հետ

    🇦🇲Հայագիտութիւնը անէ՞ծք է, թէ շնորհ է։

    «Հայկական Ռափ» ը եւ «Սթրիթ արթ»ը նաեւ հայագիտութեան մաս կը կազմեն։

    Այսօր մեր զաւակները միայն մեզի չեն պատկանիր, այլ կը պատկանին աշխարհին։

    Ուսուցիչի լուրջ կարիք կայ, լաւ ուսուցիչի եւ քիչ մը ամէն տեղ։

    Մենք սովոր ենք, աւելի շատ խօսելու քան թէ գործելու։

    "Ես երբեք բաւարարուած չեմ իր աշխատանքով, կամ աշխատանքներու արդիւնքներով":

    ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է լիբանանահայ հայագէտ՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին հետ

    Show more Show less
    38 mins
  • Եկէք անկեղծ խօսինք #8 -Արա Օշական
    Aug 31 2024

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ը՝ Արա Օշականին հետ

    Միշտ չէ, որ մարդիկ պատրաստ են իրենց «Հաւաքական սթրէս»ին մասին պատմելու։

    🇦🇲Երեւանի մէջ մթնոլորտը, կեանքը սիրելու երեւոյթը միայն ողջունելի է։

    Պէտք է պահը ապրիլ, որովհետեւ չենք գիտէր,որ վաղուան օրը ինչ պիտի ըլլանք։

    Երեք սերունդ է արդէն, որ կը տագնապինք, ի վերջոյ երբ պիտի աւարտին հայութեան տառապանքները։

    Հօրս՝ Վահէ Օշականին օր մը ըսի, եկուր Արցախի մասին գիրք մը կազմենք ու այդպէս ալ եղաւ։

    Հայաստանը միշտ երեւակայական էր, եւ Արցախը խորքին մէջ պատուհան մը կապ մը եղաւ Հայաստանը ճանչնալու։

    ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան խօսած է ամերիկահայ լուսանկարիչ եւ վաւերագրող՝ Արա Օշականին հետ։

    Show more Show less
    29 mins
  • Եկէք անկեղծ խօսինք #7 - Վարդան Մատթէոսեան | Կոստան Զարեան
    Aug 23 2024

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ը՝ Վարդան Մատթէոսեանին հետ| Կոստան Զարեան

    Ինչ պատճառներու բերումով Կոստան Զարեանին հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւնը աճեցաւ։

    Զարեան սովորական գրող մը չէր։

    Անոր իրական արժէքը առաւելաբար բանաստեղծ էութեան մէջ է։

    Սփիւռքը չդարձաւ Զարեանը «գրկող» էութիւն մը։

    🇦🇲Մեծ գրողը շատ խանդավառ չէր Հայաստան գալով, բայց այլընտրանք չունէր։

    ⭕Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցեց Վարդան Մատթէոսեանին հետ։

    Show more Show less
    30 mins
  • Եկէք անկեղծ խօսինք #6 - Ալեքսան Քէօշկերեան
    Aug 17 2024

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ը՝ Ալեքսան Քէօշկերեանին հետ

    🇸🇾🇱🇧«Երազային Հալէպ»էն մինչեւ այսօրուայ Պէյրութ

    Սփիւռքի բաբախող սիրտը այսօր ալ Պէյրութն է

    🇦🇲Ներգաղթի եւ Խորհրդային Հայաստանի մասին. Անձնական պատմութիւն

    Կուսակցութիւնները Սփիւռքի մէջ

    Այսօր հայութիւնը ամէնէն շատ կարիք ունի ապրող եւ ստեղծագործ հերոսներու

    Խաղաղութիւնը, այո ցանկալի է, բայց անհնար է խաղաղութեան հասնիլ առանց հզօր բանակի

    ⭕️Այս թեմաների մասին Սագօ Արեան զրուցած է լիբանանահայ գործիչ, ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Ալեքսան Քէօշկերեանին հետ

    Show more Show less
    39 mins
  • «Եկէք անկեղծ խօսինք #5 - Յակոբ Ճամպազեան
    Aug 10 2024

    🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը Յակոբ Ճամպազեանին հետ

    🇱🇧🇬🇧🇨🇦Այնճարէն Լոնտոն, ապա Թորոնթո։

    🇨🇦🇦🇲Որոնք էին այն կողմերը, որ իրապէս նեցուկ եղան Թորոնթոյի հայկական համայնքին։

    Վախի, ճակատագրի ու նախախնամութեան մասին։

    🇦🇲Հայութիւնն ու Հայաստանը մեծ տալիք ունին մարդկութեան, եւ ի մասնաւորի իրենց հարեւան երկիրներուն։

    Հայրենիքի ցաւը, հայրենիքի յաջողութիւնները եւ այդ բոլորի կողքին պատկանելիութեան զգացումն ու կապուածութիւնը։

    ⭕️Այս բոլորի մասին Սագօ Արեան զրուցած է գանատահայ համայնքային գործիչ, արուեստագէտ՝ Յակոբ Ճամպազեանին հետ

    Show more Show less
    29 mins